The Eastern Diocese’s Armenian Language Ministry held its annual Teachers’ Symposium on Saturday, September 7, at the Diocesan Center in New York. Dn. Hovhannes Khosdeghian organized the gathering of some 40 Armenian School teachers and principals from nine Diocesan parishes—hailing from New York and New Jersey as well as North Carolina, Georgia, and New England—who met to discuss the state of our schools, their needs, and ways to make Armenian programs more effective and meaningful.
Cathedral Vicar Fr. Davit Karamyan and Fr. Abraham Malkhasyan, pastor of Holy Martyrs Church in Bayside, NY, joined the educators, as did Mr. Hovik Mamikonyan, from Armenia’s Permanent Mission to the United Nations.
Interim Director of Ministries Fr. Hratch Sargsyan welcomed participants and conveyed the blessing Diocesan Primate Bishop Mesrop Parsamyan.
Speakers included Christopher Zakian (speaking on the early history of Christianity in Armenia, and its effect on Armenian identity), Aram Arkun (offering a personal history of the loss and gain of Armenian language in his own family), Arthur Ipek (recalling how his school experiences shaped his attachment to the Armenian language and literature), and Luca Johnson (who presented his survey on the influence religious and cultural identity have on investment in Armenia).
Among other matters, participants discussed the possibility of developing a “common-core curriculum,” and the need for adequate teaching materials. The day concluded with an Evensong and Requiem Service for teachers who had passed away this year, and discussion continued around a fellowship dinner.
Yn. Naira Azatyan-Sargsyan also attended the symposium, representing the Cleveland parish.
Click the links to read more in English and Armenian, and to view photos.
Թեմական Վարժարաններու Ուսուցչական Համագումար
Արեւելեան Թեմին միօրեայ Վարժարաններու տարեկան ուսուցչական համագումարը տեղի ունեցաւ շաբաթ օր, սեպտեմբեր 7-ին, Առաջնորդարանի համալիրին մէջ: Յովհաննէս սրկ. Խոստեղեան կազմակերպեց այս հաւաքոյթը, որուն մասնակցեցան շուրջ 40 ուսուցիչներ եւ տնօրէններ Թեմական ծուխերէն—Նոր Եորք եւ Նոր Ճըրզիէն ինչպէս նաեւ Հիւսիսային Գարոլինայէն, Ճորճայէն—խորհրդակցելու դպրոցներուն եւ մատուցուած յայտագիրներուն մասին, ինչպէս աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու զանոնք:
Հոգեշնորհ Տէր Դաւիթ քհն. Քարամեան, Մայր Տաճարի Լուսարարապետը, ինչպէս նաեւ Հոգշ. Տ. Աբրահամ քհն. Մալխասեան, հոգեւոր հովիւ Պէյսայտի Սրբոց Նահատակաց Ծուխին, միացան ուսուցիչներուն, ինչպէս նաեւ Տիար Յովիկ Մամիկոնեան, խորհրդական՝ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Մշտական Ներկայացուցչութեան:
Հոգշ. Տէր Հրաչ քհն. Սարգսեան, Թեմին Առաքելութիւններուն Տեղակալ Տնօրէն, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ փոխանցեց անոնց Առաջնորդ Սրբազան Հօր՝ Մեսրոպ Եպիսկոպոս Պարսամեանի օրհնութիւնն ու պտղաբեր աշխատանքի մաղթանքը:
Բանախօսներն էին Քրիստափոր Զաքեան (որ խօսեցաւ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան վաղագոյն նշմարներուն մասին եւ ասոնց ազդեցութիւնը՝ հայ ինքնութեան ձեւաւորումին վրայ), Արամ Արքուն (որ տուաւ հայերէն լեզուին կորուստը եւ վերականգնումը իր ընտանեկան պատմութեան պատկերով), Արթուր Իփէք (վերյիշելով դպրոցական իր փորձառութեան ազդեցութիւնը՝ հայերէն լեզուին եւ գրականութեան հանդէպ իր ունեցած կապն եւ սէրը կերտելուն մէջ), եւ Լուկա Ճոնսոն (որ ներկայացուց իր կատարած չափագրութիւնը կրօնական եւ մշակութային ինքնագիտակցութեան ունեցած ազդեցութիւնը Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելուն վրայ):
Ուսումնական յայտագիրներուն առընթեր՝ քննուեցաւ կարիքն ու կարելիութիւնը մշակելու “հասարակաց ողնային ծրագիր” մը, ասոր օժանդակ նպատակայարմար ուսուցողական նիւթերով: Աշխատանքը փակուեցաւ Կիրակնամուտի ժամերգութեամբ եւ հոգեհանգստեան պաշտօնով՝ ի յիշատակ տարուան ընթացքին հանգուցեալ ուսուցիչներուն: Խօսակցութիւնը շարունակուեցաւ ընտանեկան ընթրիքի սեղանին շուրջ: